Ն ա ի ր ի

                 Н а и р и               

N a i r i

Меню сайта

Мини-чат
500

Наш опрос
 
Погода
 
Обратная связь
To: Artiom Chernamorian
 
 
 
Главная » 2013 » Июнь » 24 » ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ: Գահակալութիւն Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Երուսաղէմի 97րդ Հայ Պատրիարքին
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ: Գահակալութիւն Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Երուսաղէմի 97րդ Հայ Պատրիարքին
04:28
His_Beatitude_Archbishop_Nourhan_ManougianԵրեքշաբթի, 4 Յունիս 2013, յետ միջօրէին ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Գահակալութեան արարողութիւնը Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ, ի ներկայութեան տեղացի եւ արտասահմանէն ժամանած հոգեւորական ու աշխարհական հիւրերու:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ներկայացուցիչներն էին Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանն ու Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն էր Կիպրոսի Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկէլեան, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութենէն ներկայացաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ուխտին արտասահման ծառայող միաբաններէն ժամանեցին Արեւելեան Թեմին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Միացեալ Նահանգաց Եկեղեցիներու Խորհուրդին Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Հոգշ. Տ. Վազգէն Ծ.Վրդ. Գարայեան:
Պատրիարք Սրբազան Հայրը զգեստաւորուած եւ գաւազան ի ձեռին, շրջապատուած նորընտիր Լուսարարապետով եւ Արքեպիսկոպոսներով, միաբանութեան եւ ժառանգաւոր սաներու կողմէ կազմած թափօրով, ի ներկայութեան սաղիմահայ եւ օտար հաւատացեալներու,  Պատրիարքա-րանէն մուտք գործեց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար: Գլխադրի մատրան առաջ ծնկաչոք ուխտն կատարելէ ետք, Ամենապատիւ Հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի Աւագ Խորան: Աւագ Խորանին առաջ, Լուսարարապետ Սրբազան Հօր յանուն միաբանութեան ուղերձը ընթերցելէ ետք, Ամենապատիւ Հօր յանձնուեցաւ Պատրիարքական Ասան, որմէ ետք, Պատրիարք Սրբազան Հայրը ծնկաչոք կարդաց Պատրիարքական Ուխտը յաջս բոլորին:

Պատրիարքական Ուխտէն վերջ, զգեստաւորուած Արքեպիսկոպոսները գլխաւորութեամբ՝ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր, ձեռք դրին Ամենապատիւ Սրբազան Հօր գլխուն արտասանելով «Պահպանիչ» աղօթքը:

Օրհնութեան արարողութենէն ետք, շնորհաւորական խօսքեր կարդացուեցան յանուն Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան:
Շնորհաւորական Խօսքերէն ետք, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընթերցեց իր շնորհակալական խօսքը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Պատրիարք Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, Պատրիարք Սրբազան Հայրը իջաւ Աւագ Խորանէն եւ բարձրացաւ Յակոբոս Տեառնեղբօր գահը՝ Ասան ի ձեռին:

Միաբանութեան անդամներ, զոյգ զոյգ, խոնարհեցան եւ համբուրեցին Աջը Սրբազան Պատրիարք Հօր:

Աջահամբոյրէն վերջ, թափօրով Պատրիարք Սրբազան Հայրը բարձրացաւ Պատրիարքարան: Հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ յարանուանութեանց Պետերուն եւ Դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն համար:

Երուսաղէմ, 6 Յունիս 2013

Դիւան Սուրբ Աթոռոյ Երուսաղէմ

Просмотров: 700 | Добавил: nairi | Рейтинг: 0.0/0 |
Всего комментариев: 0
Имя *:
Email *:
Код *:

 

Вы вошли как
3.135.202.224
Онлайн всего: 1
Гостей: 1
Пользователей: 0
 

Наше время

                                 


Поиск
 

Статистика

Друзья сайта


  • Реклама
      
       
     

    Copyright by N a i r i 2024