16 Հոկտեմբեր 2012
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Յուղարկաւորութեան ժամանակացոյց հոգելոյս Տ. Թորգոմ Արքեպ. Մանուկեանի նորոգ հանգուցեալ պատրիարքին Առաքելական Սուրբ Աթոռոյս Երուսաղէմի
Սուրբ Աթոռոյս Դիւանը կու գայ ծանուցանելու յուղարկաւորութեան հետեւեալ ժամանակացոյցը Երուսաղէմի Հայոց նորոգ հանգուցեալ Պատրիարքին՝ հոգելոյս Տ. Թորգոմ Արքեպ. Մանուկեանի՝ որ ի Տէր հանգեաւ Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր, 2012-ին:
Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2012-ին ժամը 14:00-ին:
Հանգուցեալ պատրիարքին դագաղը պիտի բերուի Եաֆայի Դուռ եւ այնտեղէն եկեղեցական թափօրով պիտի առաջնորդուի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճար, ուր տեղի պիտի ունենայ Տան Կարգի արարողութիւնը: Ապա սգակիր Միաբանութիւնն ու հաւատացեալներ իրենց վերջին տեսութիւնը կ’ունենան եւ հրաժեշտը կու տան: Կը խնդրուի որ յուղարկաւորներ Եաֆայի Դուռ գտնուին ժամը 13:45-ին:
Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2012-ին ժամը 9:00-ին:
Սուրբ Պատարագ Սրբոց Յակոբեանց Տաճարին մէջ որու ընթացքին պիտի կատարուի հոգելոյս պատրիարքի վերջին օծումը: Ս. Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Եկեղեցւոյ Կարգի արարողութիւնը որմէ ետք յուղարկաւորութեան թափօրը կ’ուղղուի Ս. Փրկչի գերեզմանատունը ուր տեղի կ’ունենայ թաղման կարգը: Ապա հոգեսուրճ պիտի հրամցուի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ:
Ցաւակցութիւններ:
Ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին այս Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր, 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-12:00 եւ 16:00-18:00, եւ Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր, 2012-ին ժամը 16:00-18:00, Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ: Այցելուներ կրնան ստորագրել ցաւակցութեան Մատեանին մէջ այն ժամանակ ինչպէս նաեւ յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք: Թող Աստուած հոգելոյս պատրիարքին հոգին խաղաղքութեան մէջ հանգչեցնէ, ամէն:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ
|