Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ եւ Ցեղասպանութեան Միացեալ Յանձանխումբի կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի մէջ Մարտ 22-ին տեղի ունեցաւ սումգայիթեան եղեռնագործութեան 25-ամեայ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ: Այս մասին կը յայտնէ Երուսաղէմի մեր գործընկերը։
Նախաձեռնութեան սկզբին Լուսարարպետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիբեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշարձանի մօտ:
Ապա Ժառանգաւորաց Վարժարանի սրահի մէջ ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ատենապետ Տիար Սերոբ Սահական, որմէ ետք ծաւալուն դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան: Ան մասնաւորապէս նշեց , որ Սումգայիթեան ջարդերը եղած են նախապէս ծրագրուած եւ Քռեմլինի հետ համաձայնեցուած: Մինչ ջարդերուն սկսիլը նախապես կազմուած են մարդոց ցուցակները: Փետրուար 26-ին ժողովրդը ոտքի հանած են՝ յատուկ հանրահաւաքներ կազմակերպելով: Ատրպէյճանի կեդրոնական կոմիտէի ղեկավարը անձամբ ներկայ եղած է այդ հաւաքներուն: Հայերու դէմ հնչած են ռասիստական բնոյթի կոչեր` «սպաննել հայերը», «մահ հայերուն», «դուրս հանել հայերը Ատրպէյճանէն» եւ այլն: Այդպէս մէկ օր շարունակ ժողովրդը լարած են հայերու դէմ: Յաջորդ օրը, երբ Սումգայիթը շրջափակուած էր, դուրսը ծեծ ու ջարդ իրականացնելով` սարսափի մէջ կը ձգեն հայերը, որպէսզի տուներէն չելլեն: Փետրուար 28-իէն արդէն մտած են տուներ, մարդոց հանած են տուներէն եւ հրապարակաւ սպաննած, այլանդակ բռնաբարութիւններ կատարած: Իսկ Սումգայիթ մտած զօրքը հրաման ունէր չմիջամտելու:
Իբրեւ ամփոփում, Հայր Սուրբը նշեց նաեւ մեր յետագայ ընելիքները Սումգայիթեան եղեռնագործութեան առումով: "Ի պատասխան Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուցած եղեռնագործութեան ի՞նչ համապատասխան քայլեր պէտք է ձեռնարկենք: Այս պահուն կ’ուրուագծուի աշխատանքի երեք ուղղութիւն:
1. Մենք համակարգուած եւ կեդրոնացուած քարոզչութեամբ պէտք է իրազեկենք ողջ աշխարհին Սումգայիթեան ճարդերու մասին: Միջազգային յանրութիւնը պարզապէս տեղեակ չէ թէ ինչ է տեղի ունեցած է Սումգայիթի մէջ 1988-ին: Առկայ է տեղեկատւութեան պակաս: Ներկայիս տեղեկատուական եւ գիտարուեստի զարգացած միջոցները մեզի կ’օգնեն այդ բացը լրացնելու կարճ ժամանակահատուածին: 2. Պահանջել միջազգային յանրութենէն իր կտրուկ դիրքորոշումը արտայայտելու մարդկութեան դէմ կատարուած այդ հանցագործութեան նկատմամբ: Դիւանագիտական աշխատանք տանելու, որպէսզի պետութիւնները ճանչնան այդ ցաւալի ժամանակաշրջանում տեղի ունեցած դէպքերը: Իւրաքանչիւր պետութիւն պարտաւոր է դատապատելու բռնութեամբ իրագործուած մարդկային որեւէ ողբերգութիււն: 3. Հարցը պետք է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պայմանագրով լուծում ստանայ: Սումգայիթի դէպքերը էթնիք զտումներ էին, հետեւաբար, էթնիք զտումներուն վերաբերող պայմանագիրը կը նախատեսէ պատասխանատւութիւն, որուն համար պէտք է իրականացնել համապատասխան գործողութիւններ:

Յուշ-երեկոյի ընթացքին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու մեներգութեամբ ելոյթ ունեցաւ նաեւ օպերայի երգիչ Տիար Ասատուր Պալճեան: Տիկին Անուշ Նագաշեան ասմունքեց Սիամանթոյի "Պարը”, իսկ ժառանգաւոր Աշոտ Ղազարեան արտասանեց Պարոյր Սեւակի "Անլռելի Զանգակատուն”-էն հատուած մը:
Երեկոյի վերջին մասին ցուցադրուեցաւ Սումգայիթի ճարդերու վերաբերալ «Սովորական Ցեղասպանութիւն» փաստավաւերագրական ֆիլմը: Յուշ-երեկոն աւարտեցաւ հանդիսապետ սրբազանի փակման խօսքով եւ աղօթքով:
|